2013-11-30 11:50:10

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Յոյն Կաթողիկէ ուխտաւորները` ''Ձեզի կը կրկնեմ` մի համակերպիք առանց Քրիստոնեաներու Միջին Արեւելքի գաղափարին''։


Շաբաթ, 30 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց` Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը` Կարտինալ Մարք Ուելլէն ու ապա Գլեմենդինա Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Յոյն Կաթողիկէ 300 ուխտաւորներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ժամը 12-ին, Գոնչիսթորօ սրահին մէջ ընդունեց Լեհաստանի ''Վրագլաով'' քաղաքէն ժամանած քաղցկեղի հիւանդութենէ տառապող մանուկներ ու անոնց ընկերացող ընտանեկան պարագները։ Իսկ յեմիջօրէի ժամը 17,30-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ, գլխաւորեց Յիսնակաց նախօրեակի ժամասացութեան արարողութիւնը մասնակցութեամբ` Հռոմի համալսարանական ուսանողներուն։

Յոյն Կաթողիկէ ուխտաւորներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին արտասանած իր ճառին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ` ''Ձեզ կ՛ընդունիմ Սուրբ Պետրոսի մօտ ուր եկած էք վերահաստատելու այն խոր կապը որ կայ` Անտիոքի Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու Ս. Պետրոսի յաջորդին միջեւ։
Եկած էք որպէս մեր հաւատքի առաքելական ծագումի վկաներ։ Այն օրէն Աւետարանի ուրախութիւնը կը շարունակէ լուսաւորել մարդկութիւնը եւ այդ լոյսին մէջ դուք կ՛ընթանաք, հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններուն որոնց հանդիպեցաք պատմութեան հոլովոյթին`մինչեւ այսօր։
Կը մտաբերեմ Սուրիացի մեր եղբայրն ու քոյրերը, որ շատ ժամանակէ ի վեր, ծանր նեղութիւններէ կը տառապին եւ կ՛աղօթեմ բոլոր անոնց որ իրենց կեանքը կորսնցուցին ու անոնց հարազատներուն համար։ Թող Տէրը սրբէ իր այս զաւակներուն արցունքները, ու համայն Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը` մխիթարէ զանոնք իրենց տառապանքին մէջ եւ հեռու պահէ յուսահատութենէն։

Հաստատակամ կը հաւատանք աղօթքի զօրութեան եւ հաշտութեան ու կը նորոգենք մեր կոչը ուղղուած պատասխանատուներուն, որպէսզի դադրի ամէն բռնութիւն եւ երկխօսութեան միջոցաւ գտնուին յարմար եւ մնայուն լուծումներ հակամարտութեան մը` որ արդէն անսահման վնասներ պատճառեց։
Մասնաւորապէս - ըսաւ Քահանայապետը - կը յորդորեմ կրօնական զանազան դաւանանքները, իրար զիրար փոխադարձ յարգանքի ապահովելու համար ապագայ մը` հիմնուած մարդու անզիչելի իրաւուքներու վրայ, ներառել կրօնական ազատութիւնը։
Ձեր Եկեղեցին - յարեց ապա Սրբազան Հայրը - դարերէ ի վեր կարողացաւ համերշխաբար ապրիլ այլ կրօններու հաւատացեալներու հետ միասին, եւ կանչուած է ''եղբայրութեան'' դեր մը կատարելու Միջին Արեւելքին մէջ։
Ձեզի ալ կը կրկնեմ մի համակերպիք առանց քրիստոնեաներու Միջին Արեւելքի գաղափարին'' ըսաւ Քահանայապետը ու մատնանշելով թէ արդէն շատեր արտգաղթի դիմած են աւելցուց` ''կը քաջալերեմ զանոնք հաստատ մնալու իրենց հաւատքի մէջ եւ հաւատարիմ իրենց քրիստոնեայ ինքնութեան եւ աւանդութիւններուն` որովհետեւ համայն Եկեղեցին պէտք ունի Արեւելցի Քրիստոնեաներուն ժառանգութեան։
Նորին Սրբութիւնը ապա հայցեց Աստուծմէ որ համամիութենական ճանապարհը շարունակուի ու օգնէ ներկաները ըլլալու` աւետարանութեան համագործակիցներ։ Մեր հասարակութիւններու մէջ բաժանումները - Եկեղեցական կեանքի, հաղորդութեան եւ վկայութեան խոչընդոտներ են - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը եզրափակեց հայցելով` Ամենասուրբ Աստուածամօր, Սուրբ Պետրոս ու Պօղոս առաքելապետերու եւ Սուրբ Անդրէաս առաքեալի բարեխօսութիւնը որպէսզի խաղաղութիւնը շնորհուի աշխարհին ու ողորմութիւն մեր հոգիներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.